2015-05-20 11:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. Ընտանիքը` ''դաստիարակութիւնը''


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր պիտի խորհրդածենք ընտանիքի  հիմնական յատկանիշի մասին, այսինքն զաւակները դաստիարակելու անոր բնական կոչումին, որպէսզի անոնք աճին պատասխանատուութեամբ իրենց եւ ուրիշներուն հանդէպ։

Այս բառերով է որ Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր ճարը` արտասանուած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, զոր շնորհեց չորեքշաբթի` 20 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, շարունակելով Ընտանիքի մասին իր սկսած խորհրդածութիւնները։ 

Այս մէկը կը թուի ակնյայտ դիտարկում մը, սակայն մեր  այս շրջանին եւս դժուարութիւնները չեն պակսիր – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը – նկատել տալով թէ դժուար է զաւակները դաստիարակել երբ ծնողները զանոնք կը տեսնեն միայն երեկոյեան կամ երբ յոգնած տուն կը վերադառնան եւ այս մէկը աւելի դժուար - ըսաւ Ան - է երբ ծնողները իրարմէ բաժնուած են։

Շատ մը քննադատ մտաւորականներ ընտանիքները կը քննադատեն զանոնք նկատելով մենատէր, մեղսակից եւ զգացումները ճնշող....

Ընտանիքի եւ ընկերութեան միջեւ դաստիարակչական դաշինքը ճգնաժամի մէջ է, ու անոնց միջեւ կը տիրէ անվստահութիւնը որուն հետեւանքայինը կը կրեն անշուշտ զաւակները։  Միւս կողմէն աճեցան այսպէս կոչուող ''մասնագէտները'' որոնք կ՛ուզեն ծնողներուն տեղը գրաւել, նոյնիսկ կրթութեան ամենամտերիմ բնագաւառներուն մէջ։ Մասնագէտներ որոնք ամենագէտ են ու ծնողները կը հարկադրեն միայն մտիկ ընելու, սորվելու եւ յարմարելու,  մէկդի դնելով զանոնք իրենց զաւակներուն կեանքի եւ աճումի ասպարէզէն։

Այս մէկը սակայն ուղիղ ճանպահը չէ որովհետեւ ծնողները կենսական դեր մը ունին խաղալիք, հաստատեց Քահանայապետը, մատնանշելով թէ Քրիստոնեայ հասարակութիւնները կանչուած են թիկունք կանգնելու ընտանիքներու դաստիարակչական առաքելութեան ու այս մէկը կատարելու` Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ։ Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ ծնողաց եւ զաւակներուն փոխադարձ պարտականութիւնները` ''Որդիներ հնազանդեցէք ձեր ծնողներուն ամէն բանի մէջ. Այս է հաճելին Աստուծոյ առջեւ։ Հայրեր, մի զայրացնէք ձեր զաւակները որպէսի չտրտմին։ (Կող 3, 20-21)։ Հարկ է մէկը միւսը հանդուրժել, համբերութեամբ։ Նոյնինք Յիսուս անցաւ ընտանիքի դաստիարակութենէն եւ մեծցաւ շնորհքով եւ իմաստութեամբ։

''Քրիստոսի սէրն ու շնորհքը լիութեան կը մղէ այն ինչ որ գրուած է մարդուն բնութեան մէջ'', ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը ու ճարը եզրափակեց  հայցելով Տիրոջմէ որ Քրիստոնեայ ընտանիքներուն պարգեւէ հաւատք, ազատութիւն եւ հարկաւոր քաջութիւն իրենց առաքելութեան համար, դիտել տալով թէ ''երբ ընտանեկան դաստիարակութիւնը վերագտնէ իր դերակատարութիւնը շատ բաներ կրնան բարեփոխուիլ''։

Ժամն է – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ հայրերն ու մայրերը վերադառնան իրենց աքսորէն ու վերստանձնեն իրենց կրթական ու դաստիարակչական լիարժէք դերը։

Ճարին աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները, ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն վերյիշելով թէ այսօր կը նշուի Սիենացի Սուրբ Պերնարտոսի ծիսական տօնը։ Անոր` սուրբ հաղորդութեան հանդէպ ունեցած սէրը ձեզի` սիրելի երիտասարդներ, ցոյց տայ Աստուծոյ կեդրոնականութիւնը ձեր կեանքէն ներս, ձեզ սիրելի հիւանդներ քաջալերէ անդորրութեամբ դիմագրաւելու տառապանքի ժամերը ու ձեզի սիրելի  նորապսակեալներ խթանէ ձեր ընտանիքը հիմնելու Աստուծոյ սիրոյն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.